Քրեմլին. «Ռուսիան Ուքրանիոյ Անվտանգութեան Երաշխիքներուն Վերաբերեալ Եւրոպական Առաջարկին Չծանօթացաւ» – Aztag Daily

Քրեմլին երէկ յայտարարեց. «Կ՛ուզենք Ուքրանիոյ մէջ տագնապին վերջ տալ, իրագործել մեր նպատակներն ու ապագային Եւրոպայի մէջ խաղաղութիւնը երաշխաւորել»:

«Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու Քիեւի անվտանգութեան երաշխիքներուն վերաբերեալ միացեալ հաղորդակցութեան բնագիրին չծանօթացանք», նշեց Ռուսիոյ նախագահական պալատը:

«Ռուսիան չ՛ուզեր զինադադար մը, որ Ուքրանիոյ շունչ քաշելու եւ պատերազմը շարունակելու կարելիութիւն կ՛ընծայէ», ըսաւ Քրեմլին:

Քրեմլին նաեւ նշեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 16 հոկտեմբերէն ետք իր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն չունեցաւ»:

Նշենք, որ Թրամփ մէկ օր առաջ յայտնած էր, թէ վերջերս Փութինի հետ խօսած է, առանց որ հաղորդակցութեան ճշգրիտ թուականը ճշդէ:

 

Leave a Comment