Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Պի.Պի.Սի.»-ի դէմ ներկայացուց դատական հայց մը եւ առնուազն 10 միլիառ տոլարի փոխհատուցում պահանջեց` բրիտանական պատկերասփիւռի կայանը ամբաստանելով ապակողմնորոշող լուսանկարուած հատուած մը սփռելով վարկաբեկում կատարելու յանցանքով:
Թրամփ նշեց, որ «Պի.Պի.Սի.»-ն զինք ցոյց տուած է` իր խօսածէն այլ բան ըսելով:
Ֆլորիտայի մէջ ներկայացուած հայցը կը պահանջէ 5 միլիառ տոլար ստանալ վարկաբեկման եւ առեւտրական սուտ ու անարդար վարմունքի հարցով օրէնքի խախտման ամբաստանութիւններուն համար:
«Պի.Պի.Սի.»-ն ներում հայցած էր սփռելուն համար Թրամփի մէկ ճառը, որ վաւերագրական ժապաւէնի մը մէջ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, թէ իր համակիրներուն 6 յունուար 2021-ին Քոնկրեսի կեդրոնատեղի ներխուժելուն նախօրեակին «բռնարարք»-ի կոչ ուղղած է: