Լաւրով. «Այն, Ինչ Որ Անցեալ Տարի Սուրիոյ Մէջ Տեղի Ունեցաւ, Ներքին Հարց Է» – Aztag Daily

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց. «Այն, ինչ որ անցեալ տարի Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ, ներքին հարց է, եւ Մոսկուան նոր իշխանութիւններուն հետ կայուն յարաբերութիւններ ունի»:

«Սուտ կը խօսի ան, որ կը պնդէ, Ռուսիան պիտի լքէ Իրանը, եթէ Միացեալ Նահանգներու հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւէ», ըսաւ Լաւրով:

«Եւրոպան պատմութեան ընթացքին մէկէ աւելի անգամներ բոլոր չարիքներու եւ տագնապներու աղբիւր եղաւ», նշեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Լաւրով նաեւ յայտնեց. «Ուաշինկթընի հետ վերջին հաղորդակցութիւնները յոյս կը ներշնչեն, թէ ան սկսած է ուքրանական տագնապին վերաբերեալ Ռուսիոյ դիրքորոշումը հասկնալ»:

 

 

Leave a Comment