Յայտարարութիւններ (1 Նոյեմբեր 2025) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Հայկանուշ Սարգիսեան եւ զաւակները` Կրէյս, Կասիա, Վիվիան
Տիկին Մարալ (Խոսրով) Մոմճեան եւ զաւակները` Սահակ եւ Րաֆֆի
Տիկին Սօսի (Գէորգ) Մոմճեան եւ զաւակը` Քրիստ
Հանգուցեալ Լուսին Մոմճեանի զաւակները` Ռիթա եւ Սիլվա
Մոմճեան եւ Ճոզիքեան ընտանիքներ
Սարգիսեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`

ՄԱՐԻ ՍԱՀԱԿ ՄՈՄՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1924-ին)

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2025-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 30 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

————————————–

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԶԱՐՈՒԿ ՏԱՂԼԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին եւ ՎԱՀԱՆ ՏԱՂԼԵԱՆի մահուան 15-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 2 նոյեմբեր 2025-ին, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԾԱՆՕԹ.- Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ պիտի հրամցուի հոգեսուրճ:

————————————–

ՄՕՏ ՕՐԷՆ

YEREVAN STORE

ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐ` ԹԱՄԱՐ ԵՒ ՐԱՖՖԻ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏ
ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏԵՍԱԿԱՆԻ

Յարգոյ յաճախորդներուն կը յայտնենք, որ աւարտած ըլլալով վաճառատան նորոգութիւնները եւ անոր վերաբացման առիթով, յաճախորդները այդտեղ պիտի կարենան այցելել ամէն օր առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը:

YEREVAN STORE.- Պուրճ Համուտ,
Արաքս փողոց, թիւ 63 թաղ, հեռաձայն`
01-254747 եւ 81-002115

Leave a Comment