Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Հնդկաստանի վարչապետը յայտնեց, թէ իր երկիրը ռուսական քարիւղ պիտի չգնէ, եւ այժմ պէտք է Չինաստանը մղենք ռուսական քարիւղը գնելէ դադրելու»:

Միւս կողմէ, Թրամփ նշեց. «Կը մտածեմ վենեզուելական հողերուն վրայ գործել օդային յարձակումներ, որոնք կը թիրախաւորեն թմրեցուցիչի աւազակախումբերը»:

Անդրադառնալով Վենեզուելայի ծովափին մօտ նաւերու ռմբակոծման` Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց, որ երբ նաւերը թմրեցուցիչներով բեռցուած են, անոնք «օրինական թիրախներ են»:

«Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Հնդկաստանի ռուսական քարիւղ գնելէ դադրելու մասին յայտարարութենէն ետք քարիւղի համաշխարհային գիները բարձրացած են:

 

 

 

Leave a Comment