Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Կողմէ Կառավարութեան Անվստահութիւն Յայտնելու Փորձը Ձախողեցաւ

Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ Սեպասթիան ԼըՔորնիւի նորակազմ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու փորձը ձախողեցաւ:

Ազգային ժողովի նախագահ Եաէլ Պրոն-Փիվէ քուէարկութենէն ետք յայտարարեց. «Անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը չապահովուեցաւ, եւ բանաձեւը մերժուեցաւ»:

Կառավարութեան հրաժարականին արմատական ձախի առաջարկին թեր քուէարկեց խորհրդարանի 577 անդամներէն 271-ը, իսկ ծայրայեղ աջի առաջարկին` միայն 144 անդամներ: Անվստահութեան քուէի ընդունման համար անհրաժեշտ էր 289 քուէ:

Նախքան քուէարկութիւնը, Ազգային ժողովը քննարկեց կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու երկու առաջարկներ, առաջինը ներկայացուած ծայրայեղ աջին կողմէ, իսկ երկրորդը` արմատական ձախի կողմէ:

Ընկերվարական կուսակցութիւնը երեքշաբթի օր կառավարութենէն իր հիմնական նկատած հարցերուն, որոնցմէ է վարչապետին կողմէ հանգստեան կոչման 2023 թուականին հրապարակուած դրութեան չեղեալ յայտարարման նկատմամբ երաշխիքներ ստանալէն ետք յայտարարեց, որ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու երկու առաջարկներէն ոչ մէկուն կը զօրակցի:

Նշեալ օրէնքի առկախումը վերջին շաբաթներուն Ֆրանսայի մէջ քաղաքական պարանաձգութիւններու առանցքն էր:

2023-ին որդեգրուած այդ օրէնքը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի երկրորդ նստաշրջանի առանցքային օրէնքն է, որուն հիմամբ հանգստեան կոչման տարիքը կը բարձրացուի 64-ի:

 

 

Leave a Comment