Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հայաստանի հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանին շնորհուած է հանրային աղողջապահութեան ոլորտին մէջ պատուոյ փրոֆեսէօրի կոչում։

Այս կոչումին առաջարկը կատարած է Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի նախագահ Արմէն Մուրատեան։ Առաջարկը հաստատուած է եւ վաւերացուած Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի գերագոյն խորհուրդին կողմէ։

Հիւպատոս Պերճ Աբգարեանին պատուոյ փրոֆեսէօրի կոչումը շնորհուած է Բժշկական համաշխարհային 3-րդ համագումարի բացումին,  Բժշկական համալսարանին մէջ: Համագումարին ներկայ եղած են Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ եւ միջազգային համբաւի տիրացած հայ եւ օտարազգի բժիշկներ։

Բժշկական համալսարանի նախագահը բարձր գնահատած է հանրային առողջապատութեան մարզին եւ յատկապէս Հայաստանի բժշկագիտութեան զարգացման մէջ Պերճ Աբգարեանի իրականացուցած տասնամեայ առաքելութիւնը։ Հրաւիրելով Պերճ Աբգարեանը, ան յանձնած է պատուոյ փրոֆեսէօրի բարձրագոյն կոչումը՝ մաղթելով, որ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան նախագահը անխափան շարունակէ  մարդկութեան եւ հայութեան ծառայելու իր նուիրական աշխատանքը։

 

Leave a Comment