Արարատը պետական կնիքէն ջնջելը խաղաղութիւն չի բերեր. զայն ջնջելով՝ մենք զմեզ կը ջնջենք

Ռուբէն Ճանպազեան Երբ մարդիկ խորհրդանիշներուն հետ կը խաղան, կը խաղան նաեւ յիշողութեան հետ, պատմութեան հետ: Ու պէտք չէ զարմանալ, երբ պատմութեան հետ խաղալը խիստ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենայ… Վերջերս Միացեալ Նահանգներու մէջ, Թրամփի վարչակազմը ԱՄՆ ազգային այգիներու ծառայութեան (National Parks Service) հրահանգած է՝ ստրկութեան մասին լուսանկարչական ցուցանակները (ներառեալ 1863 թուականի «Խարազանուած մէջք»-ի խորհրդանշական լուսանկարը) բազմաթիւ վայրերէ հանել՝ պատմութիւնը «վերականգնելու» ու «նախատինքի» նիւթերը հեռացնելու նպատակով։ Ազգային այգիներու աշխատակիցներուն ըսուած է՝ ստրկութեան, ռասիզմի եւ բնիկ ժողովուրդներու հալածանքներու մասին ցուցանակները բացայայտել ու հանել։ Բազմաթիւ պատմաբաններ այս քայլը գրաքննութիւն կոչած են, պնդելով, որ նպատակը գեղագիտութիւնը չէ, այլ՝ պատումի վերահսկողութիւնը։ Այս օրերուն, Հայաստանը նման ճամբայ մը […]

Leave a Comment