Թրամփ. «Յառաջիկայ Շաբաթը Իրանի Հարցով Վճռորոշ Պիտի Ըլլայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Կրնամ իրանեան հիւլէական կայանները հարուածել, եւ կրնամ ատիկա չընել: Իրան պէտք էր նախապէս մեզի հետ բանակցէր»:

Պատասխանելով Իրանի հետ բանակցութիւններու մասին հարցումին` Սպիտակ տան ղեկավարը ըսաւ. «Արդէն շատ ուշ է, սակայն տակաւին պատերազմը դադրեցնելու ժամանակ կայ»` աւելցնելով. «Իրան այլեւս որեւէ օդային պաշտպանութիւն չունի, եւ չեմ գիտեր մինչեւ երբ պիտի տոկան»:

«Իսրայէլ Իրանի օդային տարածքը առաւ իր վերահսկողութեան տակ եւ լաւ արդիւնք ձեռք կը բերէ», ըսաւ Թրամփ` աւելցնելով. «Իրանցիները մեզի հետ կապ հաստատեցին: Այս կացութենէն ձանձրացայ, եւ Իրանի առանց նախապայմաններու անձնատուութիւնը կ՛ուզեմ»:

«Իրանցիները իսկական խնդիր կը դիմագրաւեն եւ առաջարկեցին Սպիտակ տուն գալ», նշեց ան:

«Յառաջիկայ շաբաթը Իրանի հարցով վճռորոշ պիտի ըլլայ, եւ թերեւս ատիկա տեղի ունենայ շաբաթավերջէն առաջ», յայտարարեց Թրամփ` աւելցնելով. «Իրան կ՛ուզէ մեզի հետ գործարք կնքել»:

Պատասխանելով Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի մասին հարցումի մը` Թրամփ ըսաւ. «Յաջողութիւն»` աւելցնելով. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին ըսի, որ շարունակէ, եւ չնշեցի, թէ Ամերիկան յաւելեալ աջակցութիւն պիտի տրամադրէ»:

«Իրանին կ՛ըսեմ, որ երբեք հիւլէական զէնք չէք կրնար ունենալ», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը, եւ աւելցուց. «Իրանին վերջնական պայմանաժամ տուինք, մինչ շարք մը խնդիրներ կը դիմագրաւէ եւ պէտք է բանակցի»:

«Ռոյթըրզ» երէկ երեկոյեան հաղորդեց. «Իրանեան բանակցային պատուիրակութիւն մը փոխադրող օդանաւ մը քիչ առաջ էջք կատարեց Օման»:

 

Leave a Comment