Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Նկատմամբ Մեր Վստահութիւնը Սկսաւ Նուազիլ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ կառչած կը մնայ Իրանին հիւլէական զէնքի տէր դառնալը արգիլելուն` նշելով, որ տակաւին վճռակամ է Թեհրանին այդ նպատակը իրագործել չարտօնելու:

«Սքայ Նիուզ Արապիա» հաղորդեց, որ Թրամփ նշած է, թէ Իրանի հետ անոր հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու նկատմամբ իր վստահութիւնը սկսած է նուազիլ:

Ան նշած է, որ իրանցիները համաձայնութիւն գոյացնելու նոյն խանդավառութիւնը ցոյց չեն տար` աւելցնելով. «Կարծեմ անոնք սխալ մը պիտի գործեն, սակայն տեսնենք»:

«Պատերազմէն խուսափիլը շատ աւելի լաւ է, եւ առանց որ մարդիկ մեռնին, ուստի աւելի լաւ է, որ հարցը այս ճամբով տեղի ունենայ», ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը:

 

Leave a Comment