Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նոր Փուլ, Նոր Մարտահրաւէրներ

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

2025-ը նորանոր մարտահրաւէրներու տարիի մը սկիզբը եղաւ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Լիբանանի, Հայաստանի եւ շատ մը ուրիշ երկիրներու համար: Սոյն քաղաքական փուլը ինքնաբերաբար իր ուղղակի թէ անուղղակի ազդեցութիւնը պիտի ունենայ աշխարհի տարածքին գտնուող  բոլոր երկիրներուն վրայ:

Համաշխարհային քաղաքական նորութիւնները կ՛ենթադրեն դիմագրաւել նորանոր մարտահրաւէրներ, ըլլան անոնք դրական կամ ժխտական: Քաղաքական գետնի վրայ միշտ յաղթական եւ պարտուած կողմեր եղած են: Երբ խելացի քաղաքագէտը պարտուի, նուազ վնասով կը կարենայ դուրս գալ այդ փուլէն եւ կը պատրաստուի յաջորդ փուլի մը, իսկ ոչ խելացի քաղաքագէտը կը կորսնցնէ ամէն ինչ:

Դժբախտաբար  ոչ խելացի քաղաքագէտները իրենց անխոհեմութեամբ ամբողջ ազգի մը կործանումին կրնան պատճառ ըլլալ` իրենց մտային սահմանափակ կարողութեամբ: Սոյն ձախողութեան պատճառը հիմնականօրէն ղեկավար մը շրջապատող խորհրդականները կրնան ըլլալ, բայց եւ այնպէս, վերջ ի վերջոյ ղեկավար մը ինքն է միակը, որ ձախողութեան պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ:

Ինչպէս Նիքոլա Մաքիավելի ըսած է. «Ղեկավարի մը  խելացութիւնը գնահատելու առաջին ձեւը անոր շրջապատի մարդոց նայիլն է»: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի կողքին կանգնած է Իլոն Մասքը, որ գերմարդկային արհեստագիտական կարողութիւններով օժտուած անձ մը կը հանդիսանայ եւ իբրեւ նախագահի խորհրդական` իր  գիտութեամբ կը փորձէ արդիական ձեւերով օժանդակել Միացեալ Նահանգներու ներքին եւ արտաքին տնտեսութեան բարգաւաճման, նաեւ` երկրին քաղաքականութեան նորաձեւաւորման: Արհեստական բանականութեան շնորհիւ` ժամանակը կը սուրայ դէպի արդիականացած ապագայ:

Քաղաքական այն ղեկավարները, որոնք պիտի կարենան քայլ պահել արհեստագիտական զարգացումին հետ, անոնք պիտի կարենան գոյատեւել: Իսկ անոնք, որոնք պիտի չհաւատան արդիականացման կարեւորութեան եւ պիտի թերանան վերակազմակերպելու իրենց քաղաքական շահերը ապահովող միջոցները, ծանրօրէն պիտի տուժեն:

Նախկին ժամանակաշրջանին կազի համար պատերազմներու մասին կը խօսուէր, սակայն շատ ժամանակ չանցած` աշխարհի կարիքը եւ քաղաքական հետաքրքրութիւնը դէպի լիթիում եւ հանքային տարբեր տեսակի նիւթեր ուղղուելուն պատճառով կարեւորութեան կարգը պիտի շեղի, եւ աշխարհաքաղաքական շահերու ամբողջ ճամբու քարտէսը պիտի փոխուի: Ուժանիւթի նոր տարբերակը ամէն ինչի վրայ պիտի ազդէ: Նոյնիսկ քրիփթօ դրամանիշներու արշաւը` դէպի տնտեսական աշխարհ, մարդկութիւնը մեծ մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնէ:

Անկասկած բազմաթիւ տուժողներ պիտի ըլլան, բայց եւ այնպէս, անոնք, որոնք պիտի կարենան արագ ձեւով փոփոխութեան ենթարկել իրենց քաղաքական եւ տնտեսական ծրագիրները, մասնագէտներու  օգնութեամբ պիտի կարենան գոյատեւել: Մարդ անհատը նոյնիսկ այս նոր փուլին գոյատեւելու համար պէտք ունի որդեգրելու նորանոր յառաջացած միջոցներ` ապահովելու համար իր օրապահիկը: Այլազան տեսակի կազմակերպութիւններ,  ուսումնական հաստատութիւններ եւ բժշկական կեդրոններ նմանապէս պէտք է նորոգեն իրենց ժամկէտանց միջոցները  եւ քայլ պահեն նոր փուլին հետ, որպէսզի կարենան գոյատեւել: Վերատեսութեան ենթարկելու եւ արդիականացման հետ քայլ պահելու համար պէտք է այսօր գործի անցնիլ, վաղը արդէն ուշ պիտի ըլլայ:

 

Leave a Comment