«Միայն Միացեալ Նահանգները Կրնան Իսրայէլին Ստիպել Պատերազմը Դադրեցնել» Կ՛ըսէ Պաղեստինեան Իշխանութեան Փոխնախագահը

Պաղեստինեան իշխանութեան փոխնախագահ Հիւսէյն Շէյխ յայտարարած է, թէ միայն Միացեալ Նահանգները կրնան Իսրայէլին «ստիպել» դադրեցնել Կազայի մէջ պատերազմը: Ան այս մասին յայտնած է «Արապիա»-ին:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Համաս շարժումը չի կրնար քաղաքական կեանքէն դուրս մնալ:

Հուսէյն Շէյխ յոյս յայտնած է, որ Համաս կը ձեռնարկէ «համարձակ քայլերու», որոնք տագնապի դադրեցման կը յանգեցնեն:

«Համասը ժողովուրդի մէկ մասն է, զայն կարելի չէ դուրս ձգել քաղաքական կեանքէն: Նոյն ատեն Համասը պէտք է փոխէ իր քաղաքականութիւնը, որպէսզի մեր քաղաքական համակարգին մաս դառնայ», ըսած է Շէյխ` վստահեցնելով, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը Համասի հետ երկխօսութիւն կը կատարէ:

«Պաղեստին պետութեան ստեղծման լաւագոյն ուղին այժմ Իսրայէլի դէմ խաղաղ դիմադրութիւնն է, ոչ թէ զինեալ պայքարը», աւելցուցած է Պաղեստինեան իշխանութեան փոխնախագահը:

 

Leave a Comment