Ֆրենժիէ. «Հըզպալլան Վերջ Չգտաւ, Եւ Ապազինումը Երկխօսութեամբ Եւ Մտահոգութիւններու Փարատմամբ Կ՛ըլլայ, Եւ Նախագահ Աունը Այդ Կ՛ընէ»

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի յայտնեց. «Ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ նոր իրողութիւն մը գոյութիւն ունի: Դիմադրութեան առանցքը այսօր իր լաւագոյն կացութեան մէջ չէ, եւ տակաւին կանուխ է ըսելու, թէ վերջ գտաւ, նոյնիսկ եթէ շատ ուժեղ հարուած ստացաւ:

«Հարցերը յաղթելուն կամ պարտուելուն առնչուած չեն, այլ մեր ընտրանքը մարդիկը ապահով դարձնող ընտրանքն է, եւ յաղթանակի ու պարտութեան կամ պայմաններու համաձայն ընտրանք չի կրնար ըլլալ»: Ան այս մասին յայտնեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին:

«Ընտրանքս Լիբանանի միասնութիւնն է, արաբականութիւնը եւ մէկ երկրի մէջ համակեցութիւնը, եւ յեղաշրջում կատարելու կամ դիրքի շրջում կատարելու սովորութիւն չունինք», շեշտեց Ֆրենժիէ:

«Երբ որեւէ կողմ տկարանայ, բոլորը կը տկարանան, ըլլայ այդ որոշ համայնքի մը մէջ կամ հայրենիքին մէջ», ըսաւ ան` նշելով. «Իսրայէլ զինադադարի համաձայնութենէն ետք հարաւային Լիբանանի մէջ հինգ կէտեր գրաւեց, ուստի այնպէս երեւցաւ, թէ կարծէք յաղթեց»:

«Մեր թշնամիի գրաւը Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմն է, ինչ որ վտանգաւոր եւ քանդիչ գրաւ է, եւ միշտ ալ անկէ զգուշացուցած ենք», յայտնեց Մարատա հոսանքի ղեկավարը:

«Անօրինական զէնքը պէտք է գրաւել, սակայն ատիկա պէտք է ըլլայ երկխօսութեան, քննարկումի, տրամաբանութեան, իրատեսութեան, մտահոգութիւններու փարատման եւ վստահութեան ճամբով, եւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը այդ է, որ կ՛ընէ, ուստի ոմանք զինք կը քննադատեն», ըսաւ Ֆրենժիէ:

«Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըսի Լիբանան վերջին այցելութիւնը հանդարտեցուց հանրապետութեան նախագահը քննադատողները, որովհետեւ ան ճիշդ ճամբով կ՛ընթանայ», յայտնեց ան:

«Հըզպալլան վերջ չգտաւ, ան այսօր ճկունութիւն կը ցուցաբերէ, եւ ասիկա յստակ էր նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յուղարկաւորութեան ընթացքին կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի արտասանած խօսքին մէջ:

«Նաեւ գոյութիւն ունի համակիր զանգուած մը, որ մտահոգութիւններու փարատման կարիքը ունի: Կարելի չէ գերակայութեան լեզուն օգտագործել, այլ զիջումի հռետորաբանութիւն, որովհետեւ ոմանք ժխտական մթնոլորտի մէջ զիջումը տկարութիւն կը նկատեն», ըսաւ Ֆրենժիէ:

 

Leave a Comment