Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ալկորիթմ… Մենք այս բառը յաճախ կը լսենք, յատկապէս` այս վերջին շրջաններուն, սակայն հաւանաբար մեզմէ քիչերը գիտեն, թէ ճիշդ ի՛նչ կը նշանակէ այդ բառը: Կրնայ ըլլալ նաեւ, որ այդքան ալ խրթին բառ մը չէ…

* * *

Ալկորիթմ բառը եկած է Թուաբանագէտէ մը, որ գտած է թուաբանական խնդիրները լուծելու նոր ձեւ մը: Ալկորիթմը շարք մըն է հրահանգներու, որոնք պէտք է իրարու հետեւին ճշգրիտ շարքով մը արդիւնք մը ստանալու համար:


Մենք տակաւին կը սորվինք մանկապարտէզէն սկսեալ, աւելի պարզ ձեւերու տակ, ինչպէս, օրինակի համար, իրարու հետեւող տրամաբանական շարքերը: Խոհագիր մըն ալ ալկորիթմի ձեւ մըն է, որովհետեւ բաղադրութիւններու եւ առարկաներու վրայ հիմնուելով` պէտք է փուլերու հետեւիլ կարգով ճաշին հասնելու համար:

Որպէսզի ալկորիթմը բանի, պէտք է հետեւաբար տարբեր տարրերը սկիզբէն լաւ զետեղել… Եւ հրահանգները պէտք է շատ յստակ եւ ճշգրիտ ըլլան: Ասոնք շատ կարեւոր են, որպէսզի վստահ ըլլանք, թէ իւրաքանչիւր փուլ ճիշդ հասկցուած եւ իրագործուած է: Այլապէս արդիւնքը սպասուածէն շատ աւելի տարբեր կրնայ ըլլալ:

* * *

Համակարգիչի աշխարհին մէջ է, որ ալկորիթմները  անհրաժեշտ դարձած են: Շատ տարբեր տեղեկութիւններու հիմամբ արդիւնք մը ստանալու համար, տիճիթըլ ալկորիթմը կրնայ վերլուծել մեծ թիւով փուլեր: Այս ձեւով, օրինակի համար, ինքնաշարժին GPS-ը ալկորիթմներ կը գործածէ գոյութիւն ունեցող բոլոր ճամբաներու կարողութիւններէն, երթեւեկութենէն` գտնելու համար ամէնէն կարճ ճամբան: Իսկ համացանցին վրայ ալկորիթմները քեզի կ՛առաջարկեն վիտէոներ, որոնք կրնան քեզ հետաքրքրել` հիմնուելով քու արդէն տեսած վիտէոներուդ վրայ:

* * *

Ալկորիթմները ամէն տեղ են, եւ մենք առանց անդրադառնալու զանոնք կը գործածենք մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ` տունը, համակարգիչին վրայ…

Աշխարհի Ամէնէն Հին Փայտէ
Անիւը 5000 Տարուան Է

Այս անիւը գտնուեցաւ 2002-ին, Սլովենիոյ մայրաքաղաք Լիուպլիանայէն մօտաւորապէս 19 քմ դէպի հարաւ, եւ այժմ ան կը գտնուի քաղաքին թանգարանին մէջ: Բնածխային թուագրումի միջոցով կարելի եղաւ գտնել անոր արտադրութեան թուականը, 5100-5350 տարիներ առաջ:

Սուտանի Բուրգերը

Երբ բուրգերու մասին կը խօսուի, մենք անմիջապէս կը մտածենք Եգիպտոսի մասին, ուր աւելի քան 100 բուրգեր գտնուած են: Սակայն գիտէ՞իք, թէ բուրգերու մրցանիշը Եգիպտոսին չի պատկանիր, այլ… Սուտանի: Այո՛, Սուտանի մէջ գտնուած են աւելի քան 255 բուրգեր:

Աշխարհի Առաջին Գծագրութիւններով
Շարժապատկերը Արտադրուած Է Արժանթինի Մէջ

Մեր բոլորին ծանօթ են «Տիզնէյ» ընկերութիւնը եւ անոր աշխարհահռչակ գծագրութիւններով բազմաթիւ շարժապատկերները: Շատեր կը հաւատան նոյնիսկ, թէ 1937-ի Ուալթ Տիզնէի «Ձիւնաթոյրը եւ եօթը թզուկները» աշխարհի առաջին գծագրութիւններով շարժապատկերն է:

Սակայն 20 տարիներ առաջ գծագրութիւններով երկար շարժապատկեր մը արդէն արտադրուած էր Արժանթինի մէջ: Ան 70 վայրկեան տեւողութեամբ, քաղաքական երգիծանքի նիւթով «Էլ Ափոսթոլ» (Առաքալը) վերնագրով շարժապատկեր մըն էր, որ ըստ «Կինես»-ի մրցանիշներու գիրքին, պատրաստուած էր 58 հազար գծագրութիւններով:

Գերմանական Տուրմէ Կարկանդակը
Հնարուած Էր Թեքսասի Մէջ

Միացեալ Նահանգներուն մէջ գոյութիւն ունի կարկանդակ մը, որ կը կոչուի «Ճըրմըն՛զ չաքլեթ քէյք», որ ճշգրիտ ձեւով կը թարգմանուին գերմանացիին տուրմէ կարկանդակը: Սակայն ասիկա ամբողջովին ճիշդ չէ, որովհետեւ այս պարագային, Ճըրմըն-ը գերմանացի չի ներկայացներ, այլ պարզապէս կարկանդակին տուրմը հնարողին անունն է` Սամուէլ Ճըրմըն:

1852-ին Սամուէլ Ճըրմըն պատրաստած է կարկանդակի յատուկ շաքարոտ տուրմի տեսակ մը` Մասաչուսեցի «Պէյքըր՛զ չաքլեթ» ընկերութեան համար, որ իր կարգին այդ տուրմը անուանած է «Պէյքըր՛զ ճըրմըն՛զ սուիթ չաքլեթ»:

1957-ին «Տալաս Մոռնինկ Սթար» օրաթերթը իր էջերուն մէջ կը տպէ բաժանորդագրեալներէն մէկուն ղրկած կարկանդակի խոհագիրը, ուր ան գործածած է այդ տուրմը: Ժամանակի ընթացքին խոհագիրը շրջած է ամբողջ երկրին մէջ եւ «ճամբուն ընթացքին» կորսնցուցած իր ամբողջական անունը` դառնալով «Գերմանական տուրմով կարկանդակ»:

Մտածենք

 Մեծ Հայրիկին Տարեդարձը

Անցեալ շաբաթավերջին Հայկազեան ընտանիքը հաւաքուեցաւ տօնելու Հայկազուն մեծ հայրիկին տարեդարձը. հետեւելով տրուած բացատրութիւններուն` փորձենք ճանչնալ ընտանիքին տարբեր անձերը եւ անոնց տարիքը:

1- Էլo` մեծ մայրիկը, 8 տարի աւելի փոքր է, քան` Հայկազուն մեծ հայրիկը:
2.- Րաֆֆին իր մօրը մէկ քառորդ տարիքը ունի, առաւել իր տղուն` Լեւոնին տարիքը
3.- Փաթիլը իր մօրը մէկ երրորդ տարիքը ունի:
4.- Մովսէսը Ժիրայրին տարիքին մէկ եօթներորդ տարիքը ունի:
5.- Լուսինը իր ամուսինէն երեք տարի պզտիկ է:
6.- Լեւոնը իր մեծ հօրը տարիքին մէկ վեցերորդ տարիքը ունի:
7.- Հայկազուն մեծ հայրիկը ծնած է 1941-ին:
8.- Ժիրայրը Լեւոնին կէս տարիքը ունի:

Ժամանց

Անզոյգ թիւերը իրարու միացուր յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:
Շատ ուշադիր պէտք է ըլլալ այս սլաքներուն հետ: Սակայն ատիկա չէ
իսկական հարցը… Կրնա՞ս գտնել այն սլաքը, որ միւսներէն տարբեր է:
Իսկ հիմա ժամանակն է դպրոց երթալու: Այս խառնակութեան մէջ
կրնա՞ս գտնել մատիտը, մելանէ գրիչը, խէժը եւ ընթրիքի սակառը:

 

 

Leave a Comment