Երեքշաբթի օր սկսաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ազուր ճակատումներու շարքը, ուր ՀՄԸՄ Անթիլիաս յաղթանակը «նուիրեց» Ազուրին, այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Ազուր չկրցաւ առանձին յաղթել, այլ լաւապէս օգտուեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի սխալներէն:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս շատ լաւ ձեւով սկսած էր մրցումը եւ կանուխէն յառաջացաւ մրցակիցի դաշտին վրայ: Առաջին մասին 15-26 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, հազիւ 2 վայրկեան ետք առաւելութիւնը 17 կէտի բարձրացաւ (15-32): Կը կարծուէր, որ ՀՄԸՄ Անթիլիաս հանգիստ յաղթանակի կ՛ուղղուէր, սակայն մեծ թիւով թըրն օվըրներ, 24 երկվայրկեանի ժամկէտի խախտումներ պատճառ դարձան, որ Ազուր մինչեւ կիսախաղ վերագտնէ ինքզինք եւ 40-34 արդիւնքով յառաջանայ:
Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ 48-38 կէտով ետ մնալէ ետք ինքզինք գտաւ եւ 50-50 արդիւնքով աւարտեց 3-րդ մասը: Վերջին մասին ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանար, եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս առաջին 5 վայրկեաններէն ետք 57-66 արդիւնքով յառաջացաւ եւ վերջապէս յաղթանակի յոյսերը կը զօրանային, բայց թըրն օվըրները եւ 24 երկվայրկեանի հարցերը կրկնուեցան, եւ մրցումը աւարտեցաւ 66-66 արդիւնքով: Երկարաձգման 5 վայրկեաններուն ՀՄԸՄ Անթիլիաս 3 կէտ նշանակեց, իսկ Ազուր` 7 կէտ:
Յոյսով, որ այսօր, երկրորդ մրցումին ՀՄԸՄ Անթիլիաս Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ժամը 20:00-ին իր 2-րդ ճակատումին անպայման յաղթանակ արձանագրէ` անշուշտ վայելելով համակիրներու քաջալերանքը:
Յոյսով, որ բոլոր մարզիկներն ալ լաւ ելոյթ կ՛ունենան` տալով իրենց առաւելագոյնը, եւ կատարելով նուազագոյն սխալները: Աւելի կեդրոնացած պէտք է խաղալ թըրն օվըրները զսպելով:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր առաջին ճակատումին 23 թըրն օվըր կատարեց, մինչ Ազուր միայն 11 թըրն օվըր կատարեց:
Ճակատումներուն 3 յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հասնի աւարտական: Միւս կիսաւարտականին Ռիատի առաջին մրցումին հանգիստ յաղթանակ մը տարաւ Պէյրութ Ֆըրսթի վրայ` 93-53 արդիւնքով: