Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

Շաբաթ օր, Ֆրանսայի մէջ զանգուածային ցոյցերու ժամանակ ոստիկանութիւնը 565 անձեր ձերբակալած է:

Երկրի ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներով` ամբողջ երկրի տարածքին ցոյցերուն մասնակցած են շուրջ 320 հազար անձեր, որոնց 70 հազարը` Փարիզի մէջ: Կազմակերպիչներուն պնդումով, սակայն, մասնակիցներուն թիւը շուրջ 800 հազար է: Մայրաքաղաքին մէջ ոստիկանութիւնը աւելի քան 5700 ստուգում կատարած է եւ ձերբակալած 79 անձեր:

Փարիզի մէջ ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են:

Ֆրանսայի մէջ բողոքի ցոյցերը սկիզբ առին 21 սեպտեմբերին աւագ դպրոցի աշակերտներուն ցոյցերով, վերջիններս կը դժգոհէին ուսուցիչներու, ընկերային աշխատողներու եւ դպրոցական հոգեբաններու պակասէն: Ապա անոնց միացան աշխատաւորական միութիւնները, «Դեղին բաճկոններ»-ու շարժումի մասնակիցները` աշխատավարձերը եւ կենսաթոշակները բարձրացնելու, պետական ծառայութիւնները բարելաւելու եւ կեանքի պայմաններու թանկացման դէմ քայլեր ձեռնարկելու պահանջներով:

Գերմանիոյ մէջ ալ հազարաւոր մարդիկ մասնակցած են «Զ սերունդը պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ» շարժումին կազմակերպած ցոյցերուն: Անոնք բողոքած են պետական ծախսերու կրճատման, կրթութեան անբաւարար ֆինանսաւորման, սղաճի եւ պարտադիր զինուորական ծառայութեան դէմ:

Բողոքի ցոյցերուն մեծ մասը խաղաղ անցած են, սակայն շաբաթ երեկոյեան քանի մը քաղաքներու մէջ անկարգութիւններ արձանագրուեցան: Ֆրանքֆուրթի մէջ ցուցարարներու խումբեր կոտրած են խանութներու ցուցափեղկերը, զէնքի խանութէ զէնք յափշտակած են: Կասկածելի մը ձերբակալուած է, զէնքը` գրաւուած: Անկարգութիւններու մասնակիցներուն դէմ ոստիկանները ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործած են:

Պերլինի մէջ, իրաւապահներու տուեալներով, 27 ոստիկաններ վիրաւորուած են եւ 56 ցուցարարներ ձերբակալուած: Համպուրկի մէջ, ուր ցոյցերու ընթացքին հրավառութիւն եւ հրկիզում տեղի ունեցած էր, ձերբակալուածներուն թիւը հասած է 120-ի:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի «Քարընթ Թայմ» նախագիծը կը հաղորդէ, որ կեանքի պայմաններու թանկացման եւ ընկերային ծախսերու կրճատման դէմ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ Իտալիոյ, Փորթուգալի եւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ:

 

Leave a Comment