Մուայ Թայ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը` Հայաստանի Մէջ

2027-ին Մուայ Թայի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ, ախոյեանութեան կը մասնակցին 44 երկիրներէ աւելի քան 600 մարզիկներ: Բացի ատկէ, Հայաստան պիտի այցելեն պաշտօնական պատուիրակութիւններու աւելի քան 300 ներկայացուցիչներ:

Մուայ Թայը միջազգային մարզական ասպարէզին մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ իբրեւ միջազգային Ողիմպիական կոմիտէին կողմէ ճանչցուած մարզաձեւ, ինչպէս նաեւ ողիմպիական ընտանիքի կարեւոր մաս:

Փարիզի մէջ տեղի ունեցած Մուայ Թայի միջազգային ֆետերասիոնի եւ Եւրոպայի Մուայ Թայի ֆետերասիոնի տնօրէններու խորհուրդի նիստի ընթացքին միաձայնութեամբ որոշում ընդունուեցաւ 9-էն 17 հոկտեմբեր 2027-ին Մուայ Թայի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը կազմակերպելու Հայաստանի մէջ:

Ախոյեանութիւնը հիւրընկալելը կարեւոր իրադարձութիւն է Հայաստանի մարզական կեանքին մէջ եւ մեծ կարելիութիւն` միջազգային հանրութեան ներկայացնելու մեր երկրի ներուժը, հայկական հիւրընկալութիւնն ու Մուայ Թայի զարգացման նոր հեռանկարները:

Leave a Comment