«Էն. Պի. Էյ.» Անթոնի Էտուըրտծ Միացաւ Չեմպըրլէյնին Ճորտընին…

«Էն. Պի. Էյ.»-ի 81-րդ տարեշրջանը սկսաւ 2 օր առաջ, եւ երէկ առաւօտեան ժամերուն Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի աստղ Անթոնի «Էնթ» Էտուըրտծ միացաւ պատմութեան լաւագոյն մարզիկներ Ուիլթ Չեմպըրլէյնին եւ Մայքըլ Ճորտընին, որոնք իրենց տարեշրջանի բացման մրցումին 40-է աւելի կէտեր կը նշանակէին:

Էտուըրտծ առաջին 9 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` Մայեմի Հիթի ամբողջ խումբէն աւելի (8 յաջող 3 կէտնոց կողովներ)` ընդհանուր հաշուով 45 կէտեր նշանակելով 33 վայրկեաններու ընթացքին եւ օգնելով Թիմպըրվուլվզին, որ յաղթէ 131-106 արդիւնքով, Մայեմիի դաշտին վրայ:

Չեմպըրլէյն 1959-էն 1962 4 յաջորդական տարիներ 40 կէտերէ աւելի նշանակած էր իր առաջին մրցումին, մինչ Ճորտըն 1986-ին, 1989-ին եւ 1995-ին նոյն բանը կատարած էր տարեշրջանի բացման մրցումին:

Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 128-116 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Միլուոքի Պաքսը, ուր մասնաւորապէս Անթոնի Տէյվիս իր նոր խումբին` Ուիզըրտծի հետ 34 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

10 անգամ «Օլ Սթար»-ի աստղ Տէյվիս Տալաս Մեւրիքսը լքած էր բաւական ձախող տարեշրջանէ մը ետք եւ միացած Ուաշինկթընին, Թրէյ Եանկի նման, որ լքելով Աթլանթա Հոքսը իր առաջին ելոյթը կատարեց Ուաշինկթընի հետ:

Եանկ 20 կէտ եւ 13 էսիսթ ձեռք ձգեց:

Ստորեւ` արդիւնքները.

ԿԷՏ
Օրալնտօ Մեճիք – Աթլանթա Հոքս 125-132
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Միլուոքի Պաքս 128-116
Պրուքլին Նեթց – Չարլոթ Հորնեթց 103-110
Մայեմի Հիթ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 106-131
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Շիքակօ Պուլզ 135-92
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Եութա Ճեզ 123-103
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 120-123
Հիւսթըն Ռոքեթց – Տալաս Մեւրիքս 128-110
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 127-105
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Ֆինիքս Սանզ 124-83
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 121-96

 

Leave a Comment