Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Թղթածրարին Շուրջ Հետաքննութիւնը Ամբողջացնել

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր ժողովը, որուն ընթացքին հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթարին` ուժանիւթի հարցով օգնելու իր ջանքերուն համար, եւ կառավարութեան կոչ ուղղեց ուժանիւթի եւ շրջակայ միջավայրի թղթածրարները սերտելու` զանոնք լուծելու համար:

Ան նաեւ կոչ ուղղեց Արեւմտեան Պեքայի մէջ թափուր մնացած ուղղափառ երեսփոխանական աթոռի համար մասնակի ընտրութիւններ կատարելու:

Նախագահը վերահաստատեց Սէուտական Արաբիոյ իր զօրակցութիւնը` նշելով, որ Ռիատի հետ հաղորդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, որպէսզի սէուտական օդանաւային ընկերութիւնն ու զբօսաշրջիկները Լիբանան վերադառնան:

Աուն լիբանանեան կողմերուն կոչ ուղղեց իմաստութիւն եւ գիտակցութիւն ցուցաբերելու` Լիբանանը զերծ կացուցելու համար շրջանին մէջ հաւանական որեւէ ցնցումէ:

Նախագահը բարձր գնահատեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի բանակը կարմիր գիծ նկատող, քաղաքացիական խաղաղութեան պահպանման եւ երկխօսութեան նկատմամբ բաց ըլլալու դիրքորոշումը:

Վարչապետ Սալամ իր կարգին յայտնեց, որ ինք եւ ուժանիւթի նախարար Ճօ Ստին քաթարական կողմին հետ ելեկտրականութեան իրավիճակի կարգաւորման համար շտապ փոխատուութեան հարցով բանակցութիւններուն մէջ մեծ յառաջընթաց արձանագրած են:

«Ոչ ոք կրնայ մեզի պարտադրել օրէնքով սահմանուածէն բացի այլ նշաձող, եւ մեզի համար ոչինչ աւելի կարեւոր է, քան երկրի անվտանգութիւնը», նշեց վարչապետը:

«Լիազօրուած կողմերէն դուրս զէնքի պահեստաւորումը կամ տեղափոխումը կը պահանջէ անվտանգութեան հսկողութիւն եւ իրաւական հետապնդում», ըսաւ ան:

«Պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումին մէջ պետութեան գործընկեր չկայ, ասիկա երկրի սահմանադրութեան հիմքն է, եւ զայն վերստին կը շեշտենք», յայտնեց Սալամ:

«Պետութեան զէնքի մենաշնորհը հիմնարար նշանակութիւն ունի պետութեան ոտքի կանգնումին եւ թշնամական գործողութիւններու դադրեցման յայտարարման համար, եւ Հըզպալլան պէտք է յարգէ այն ամէնը, որուն համաձայնած է», նշեց վարչապետը:

Նախարարաց խորհուրդը որոշեց Տահր Պայտարի ու Քասր շրջանին մէջ գրաւուած պայթուցիկ նիւթերու հարցով հետաքննութիւնը ամբողջացնել եւ շեշտեց պայթուցիկ նիւթերու հարցը Արդարադատութեան խորհուրդին փոխանցելու քննարկումը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարները հեռացան նիստէն` բողոքելով այդ որոշումին դէմ:

Նախարարաց խորհուրդը նաեւ որոշեց հինգշաբթի օր աղբերու ոլորտին յատկացուած նիստ մը գումարել:

Leave a Comment