ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Առաջնորդներու Վեհաժողովը – Aztag Daily

Երեւան հասած են շարք մը երկիրներու առաջնորդներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Երէկ Երեւանի մէջ սկսաւ Կենսաբազմազանութեան մասին հռչակագիրի կողմերու 17-րդ համաժողովին (ՔՈՓ17) ընդառաջ կազմակերպուած առաջնորդներու վեհաժողովը:

Վեհաժողովին կը մասնակցին աւելի քան մէկ տասնեակ երկիրներու ղեկավարներ, որոնց շարքին` Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւը, Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէն, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ եւ Ափրիկէի շարք մը երկիրներու ղեկավարներ:

Երեւան կը գտնուի նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտոնիօ Կութիերեսը:

Թուրքիան վեհաժողովին կը ներկայացնէ գիւղատնտեսութեան նախարարը:

Leave a Comment