Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն – Aztag Daily

Նախարարաց խորհուրդը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց ժողով մը, որուն ներկայ էր նաեւ նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շուքէյրը:

Աւելի ուշ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարները հեռացան նիստէն:

Ճարտարարուեստի նախարար Ճօ Իսա Խուրի յայտարարեց. «Նիստէն հեռացանք, որովհետեւ կոչ ուղղեցինք, որ ելեկտրականութեան թղթածրարին նկատմամբ աւելի լուրջ վերաբերմունք ցուցաբերուի, սակայն այդ թղթածրարին առնչութեամբ որեւէ որոշում չտրուեցաւ, եւ մինչեւ հիմա ուժանիւթի նախարար Ճօ Ստիի հրաժարական չկայ»:

 

Leave a Comment