Արամ Ա. Կաթողիկոս Առողջութիւն Մաղթեց Լեւոն ԺԴ. Պապին – Aztag Daily

Չորեքշաբթի, 14 հոկտեմբեր 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. պապին ուղղած յատուկ նամակով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց` ողջունելէ ետք անոր ունեցած յաջող վիրահատումը:

Վեհափառ հայրապետը յայտնեց նաեւ, որ աղօթող է Աստուծոյ, որպէսզի կատարեալ առողջութիւն պարգեւէ պապին, եւ ան վերանորոգ կենսունակութեամբ շարունակէ իր հովուապետական առաքելութիւնը:

Leave a Comment