Լեւոն ԺԴ. Պապին Մօտ Թոքի Քաղցկեղ Ախտորոշուած Է – Aztag Daily

Լեւոն ԺԴ. պապին մօտ թոքի քաղցկեղ ախտորոշուած է, անոր աջ թոքի ստորին հատուածը յաջողութեամբ հեռացուած է: Այս մասին կը հաղորդէ Վատիկանը:

71 տարեկան պապը երեքշաբթի օր Հռոմի Ճեմելի հիւանդանոցին մէջ ենթարկուած էր շուրջ 90 վայրկեան տեւած գործողութեան, որմէ ետք անոր մօտ ախտորոշուած է թոքի քաղցկեղ:

«Գործողութիւնը յաջող անցած է, եւ բարդութիւններ չեն եղած: Գործողութենէն ետք Հռոմի պապը բնական արթնցած է եւ կարճատեւ քննութենէ ետք վերադարձած հիւանդանոցին մէջ իր սենեակը», յայտնած է Վատիկանը:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ պապի աջ թոքի ամբողջ ստորին հատուածը հեռացուած է` ապահովելու, որ գոյացութիւնը ամբողջութեամբ հեռացուած է: Ան շուրջ մէկ շաբաթ հիւանդանոց պիտի մնայ:

Վատիկանէն ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ լրացուցիչ քննութիւններ կը կատարուին` պարզելու համար, թէ արդեօք կա՞ն քաղցկեղի տարածման նշաններ:

Լեւոն ԺԴ. պապը գոյացութեան մասին յայտնած էր կիրակի օր: Անիկա առաջին անգամ յայտնաբերուած է բժշկական հերթական քննութեան ժամանակ: Ան ըսած էր, որ հանգոյցը կամ գոյացութիւնը յայտնաբերուած է «շատ կանուխ փուլի մէջ», սակայն բժիշկները անոր խորհուրդ տուած են զայն հեռացնել:

Մինչ այդ, մեծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր հիւանդանոցին դիմաց: Հաւատացեալները ծափահարութիւններով ողջունած եւ բարեմաղթութիւններ կատարած էին պապին, երբ ան հիւանդանոց մտած ատեն բազմութեան մօտէն անցած էր:

Leave a Comment