Էնտրու Տարագճեանի Սքանչելի Կոլը – Aztag Daily

Միացեալ Նահանգներու համալսարաններու ֆութպոլի մրցումներուն, հայ ֆութպոլիստ Էնտրու Տարագճեան շատ գեղեցիկ կոլ մը նշանակեց իր խումբին` Միչիկըն Սթէյթի հետ, Մերիլենտի բերդէն ներս:

Միչիկըն, որ 19-րդ դիրքը կը գրաւէ այս տարեշրջանին, կրցաւ շատ աւելի զօրաւոր մրցակիցներու դէմ դրական արդիւնքներ ձեռք ձգել: Անոնք 2018-էն ի վեր Մերիլենտի չէին կրցած յաղթել:

Տարագճեան մրցումին հերոսն էր եւ 67-րդ վայրկեանին նշանակեց իր խումբի յաղթանակի կոլը, արդիւնքը երբ 1-1 էր:

Ան աջ կողմէն փոխանցում մը ստացաւ եւ առանց նայելու անմիջապէս վոլէով շարունակեց բերդէն ներս` անշարժեցնելով բոլորը:

Անոր կայծակնային արագութիւնը մեծ դեր ունէր այս կոլին, որ եղաւ իր 5-րդը 10 մրցումներու ընթացքին:

 

Leave a Comment