Էրտողանն Ու Փութինը Քննարկած Են Սեւ Ծովու Մէջ Նաւարկութեան Անվտանգութիւնը – Aztag Daily

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին ընդգծած է Սեւ ծովուն մէջ նաւերու անվտանգ տեղաշարժը ապահովելու կարեւորութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:

Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմին համաձայն, Էրտողանը նաեւ վերահաստատած է Անգարայի պատրաստակամութիւնը` աջակցելու Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ ուղիղ բանակցութիւններու կազմակերպման:

Անգարան նախապէս Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ առաջարկած էր դադրեցնել Սեւ Ծովուն մէջ յարձակումները եւ ապահովել շրջանէն հացահատիկի անվտանգ փոխադրութիւնը:

Թրքական կողմը տակաւին կը սպասէ այդ առաջարկի վերաբերեալ Մոսկուայի եւ Քիեւի պատասխաններուն:

Leave a Comment