«Սէուտական Արաբիոյ Հետ Եընպոհ Նաւահանգիստը Պաշտպանելու Ընտրանքներ Կը Սերտենք» Կ՛ըսէ Զօր. Մանտոն – Aztag Daily

Ֆրանսայի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Ֆայպիէն Մանտոն նշեց, թէ Ֆրանսան ու Սէուտական Արաբիան Եընպոհ քարիւղի նաւահանգիստի պաշտպանութեան օգնելու համար, ֆրանսական զինուորական միջոցներու օգտագործումը ներառող, շարք մը ընտրանքներ կը սերտեն:

Ֆրանսական խորհրդարանի մէջ յայտնեց. «Տակաւին հարցը Սէուտական Արաբիոյ հետ ուսումնասիրութեան փուլի մէջ է: Մենք տարբեր ընտրանքներ կը քննարկենք` պաշտպանելու Եընպոհ նաւահանգիստը, որ յարձակումի կ՛ենթարկուի, եւ որ նաւթամթերքի առեւտուրի համար հիմնական կը նկատուի»:

Ան աւելցուց, որ Ֆրանսան իրողապէս շրջանին մէջ հազար զինուոր տեղակայած է` Ծոցի մէջ իր դաշնակիցներուն, որոնց շարքին Քաթարի եւ Քուէյթի պաշտպանութեան օգնելու համար:

Leave a Comment