Ըմբշամարտ. Արմէն Կարապետեան Երկրորդ Տարին Ըլլալով` Վեթերաններու Պրոնզէ Մետալակիր – Aztag Daily

Հայ ըմբիշ Արմէն Կարապետեան երկրորդ տարին ըլլալով շահեցաւ վեթերաններու ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալը:

Այս տարի հայ ըմբիշը պատուոյ հարթակ  բարձրացաւ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ:

Կարապետեան հանդէս եկաւ 70 քկ կշռիռի կարգէն ներս «Վեթերանս Պի.» տարիքային բաժինէն:

Պրոնզէ մետալի մրցումին, հայ ըմբիշը յաղթեց իր գօտեմարտը Մոնկոլիայի ներկայացուցիչ Արիունպայար Տաղդսերենին վրայ` 10-0 արդիւնքով:

Այս կշիռի կարգէն ներս աշխարհի ախոյեան դարձաւ Ղազախստանի ներկայացուցիչ Նուրլան Սերիքպոլը:

Յատկանշական է, որ Կարապետեան մասնակցեցաւ նաեւ Յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցումներուն ալ, բայց ան երկու պարտութիւններ կրելէ ետք դուրս մնացած էր: Հայկական ծագում ունեցող այլ ըմբիշ մը` Ռուսիա ներկայացնող Գէորգ Տոնոյեան, վեթերաններու յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն նուաճեց պրոնզէ մետալ:

 

Leave a Comment