Հուսիները Դարձեալ Ռմբակոծեցին Ռիատի Օդակայանը` Պատճառելով Զոհեր Ու Վիրաւորներ – Aztag Daily

Հուսիները դարձեալ յարձակում գործեցին Ռիատի «Մալեք Խալետ» օդակայանին վրայ` պատճառելով 12 զոհեր, որոնց շարքին` 4 սէուտցիներ, երկու պանկլատեշցիներ, ամերիկացի մը, եգիպտացի մը, յորդանանցի մը, սուրիացի մը, պաղեստիցի մը եւ սուտանցի մը, ինչպէս նաեւ` 309 վիրաւորներ: Յարձակումը նաեւ նիւթական վնասներ պատճառեց:

Սէուտական ղեկավարութեամբ դաշինքի բանբեր Թուրքի Մալիքի յայտնեց, թէ շաբաթ օր ճամբորդներու սրահներէն մէկուն վրայ յարձակումը «հուսիական միլիս»-ը գործած է, եւ եղածը համազօր է «պատերազմական ոճիրի»:

Ան շեշտեց, որ դաշինքը «խիստ կերպով» պիտի հակադարձէ «այս ահաբեկչական յարձակումին»:

Հուսիներու զինուորական բանբեր Եհիա Սարիհ երէկ օդանաւային ընկերութիւնները, մասնագէտները, պաշտօնեաները, աշխատաւորներն ու ճամբորդները զգուշացուց սէուտական օդակայաններն ու օդային տարածքը օգտագործելէ:

Յարձակումը արժանացաւ արաբական ու միջազգային դատապարտման: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յարձակումը որակեց «ահաւոր»` աւելցնելով, որ սէուտցիները ատակ են իրենց երկիրը պաշտպանելու:

Թուրքիոյ նախագահական պալատը դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ վրայ յարձակումները եւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` վռճական դիրքորոշում որդեգրելու` «արգիլելու համար շրջանը յաւելեալ քաոսի մէջ ներքաշումը»:

 

Leave a Comment