Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Գորիսի Մէջ Քննարկեցին Ելեկտրահաղորդակցութեան Գիծերու Տեղակայման Հարցեր – Aztag Daily

Գորիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի համապատասխան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն միջեւ թեքնիք հանդիպում` հայ-ամերիկեան «Թրամփի ուղի» նախագիծի ծիրին մէջ ելեկտրահաղորդակցութեան գիծերու տեղակայման հարցերուն յատկացուած: Այս մասին յայտնեց Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը:

Կողմերը, ըստ հաղորդագրութեան, քննարկեցին ելեկտրահաղորդակցութեան գիծերու տեղակայման վերաբերող թեքնիք հարցեր, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակեցին տուեալ ուղղութեան համապատասխան տեսակէտներու շուրջ:

Ուշադրութիւն դարձուեցաւ նաեւ համապատասխան կառոյցներու միջեւ համակարգման վերաբերող հարցերուն եւ աշխատանքներու յառաջմղման համար անհրաժեշտ հետագայ քայլերուն:

Leave a Comment