Ուրալօղլու. «Կարս-Իգտիր-Տիլուճու Երկաթուղիին Շնորհիւ Կ՛ամրապնդենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Հաղորդակցութիւնը» – Aztag Daily

«Կարս-Իգտիր-Տիլուճու երկաթուղային գիծին շնորհիւ մենք կ՛ամրապնդենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկաթուղային հաղորդակցութիւնը», յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցի նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու:

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թուրք նախարարը նշած է, որ 224 քիլոմեթրնոց երկաթուղիի նախագիծի իրականացման աշխատանքները կը շարունակուին:

Ուրալօղլու նաեւ յայտնած է, որ Թուրքիան նոր նախագիծեր կ՛իրականացնէ` ուղղուած շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային կապերու զարգացման եւ երկաթուղային ցանցի ամրապնդման:

 

Leave a Comment