Պերճ Աբգարեան Տեսակցեցաւ ԼՕԽ-ի Պատասխանատուներուն Հետ – Aztag Daily

Չորեքշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2026-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ Հայ բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանը, որ տեսակցեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Նելլի Աղասարգիսեանի եւ կեդրոնի տնօրէն Նազելի Աւագեանի հետ:

Հանդիպումը կը միտէր աւելի մօտէն ծանօթանալ նորընտիր Շրջանային վարչութեան եւ միասնաբար խորհրդակցիլ բժշկական առաքելութեան յառաջիկայ այցելութեան եւ ապագայի ծրագիրներուն մասին:

Հայ բժշկական առաքելութեան վերջին չորս տարիներուն, կեդրոնին հետ ունեցած սերտ համագործակցութեան շնորհիւ եւ նուիրատուութեամբ, «Գլարա Մարկոսեան» ֆոնտին կարելի եղաւ կեդրոնի բժշկական թէ ատամնաբուժական բաժանմունքները սարքաւորել արդիական սարքերով, ինչպէս նաեւ` նպաստել կառոյցին ներքին եւ արտաքին մասերու նորոգութեան ու բարգաւաճման:

Այս առիթով ԼՕԽ-ի կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին անունով երախտագիտութիւն կը յայտնենք Ֆրեզնոյի հայ գաղութին, ինչպէս նաեւ բարերարներուն թէ նուիրատուներուն, ի մասնաւորի` հիւպատոս Պերճ Աբգարեանին եւ բժշկական խմբակին, որոնց անշահախնդիր ճիգերուն շնորհիւ կարելի եղաւ մեր կեդրոնի հարիւրաւոր պարագաներուն մատուցել բժշկական խնամք ու դեղորայք:

«Այսօր ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ֆրեզնոյի Հայ բժշկական առաքելութիւնը 2027-ի սկիզբը պիտի ժամանէ Լիբանան եւ անգամ մը եւս 22 յունուարէն մինչեւ 5 փետրուար իր ծառայութիւնները ի սպաս պիտի դնէ կեդրոնի եւ գաղութի հայորդիներուն»:

Leave a Comment