Էմ. Էմ. Էյ. Լէոն Շահբազեան Իր Երկրորդ Պարտութիւնը Կրեց Եու. Էֆ. Սի.-էն Ներս – Aztag Daily

Լէոն Շահբազեան պարտութիւն կրեց 37 տարեկան ամերիկացի Նիքօ Փրայսէն:

Խառն մենամարտերու մարտիկ Շահբազեան նաք-աութի ենթարկուեցաւ առաջին ռաունտէն իսկ:

Էդմեն Շահբազեանի աւագ եղբօր համար այս մէկը իր երկրորդ մենամարտն էր Եու. Էֆ. Սի.-ի գծով, բայց դժբախտաբար ան իր երկրորդ մրցումին ալ նաք աութով աւարտուեցաւ:

Շահբազեանի մրցակից Փրայս իր կարգին 4 յաջորդական պարտութիւններէ ետք էր, որ կրցաւ յաղթել, բայց գրեթէ միակողմանի մենամարտ էր այս վերջիջը: Ան 60 նշանակելի հարուածներէն 40-ը հասցուցած է իր նպատակին մինչ Շահբազեան մէկ անյաջող հարուած կատարած է միայն: Հայ մարզիկը 2 անգամ փորձած է մրցակիցը գետին փռել, բայց ձախողած:

Լէոն Շահբազեանի համար իր երկրորդ ելոյթն էր Եու. Էֆ. Սի. հեղինակաւոր մրցաշարքէն ներս, ուր տակաւին ձախողած է յաղթել, մինչ իր ասպարէզի ցուցանիշը այժմ կը կազմէ 12 յաղթանակ եւ 6 պարտութիւն:

 

Leave a Comment