Հեծելարշաւ. Լիբանանի Երիտասարդները` Պրոնզէ Մետալակիր – Aztag Daily

19 տարուան բացակայութենէ ետք Սուրիա կազմակերպեց Արաբական երկիրներու հեծելարշաւի ախոյեանութիւնը, որ պիտի երկարի մինչեւ 13 հոկտեմբեր:

Արաբական երկիրներու ֆետերասիոնի նախագահ Եասեր Տուխի ինք անձամբ որոշած էր Սուրիոյ փափաքը իրականացնել` կազմակերպելու այս ախոյեանութիւնը:

13 արաբական երկիրներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այս մրցումներուն, որոնց կարգին անշուշտ Լիբանան, Սուրիոյ մէջ առաջին մարզական մեծ ախոյեանութեան 19 տարիներու բացակայութենէ ետք:

Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քաթար, Պահրէյն, Քուէյթ, Յորդանան, Պաղեստին, Սուտան, Թունուզ, Լիպիա եւ Մարոք անշուշտ Լիբանանի եւ Սուրիոյ կողքին կը մասնակցին:

Երիտասարդներու խմբային մրցումներուն, Լիբանանի ազգային խումբը գրաւեց երրորդ դիրքը նուաճելով պրոնզէ մետալ:

Արդարեւ, ժամացոյցի դէմ մրցումին, Լիբանանի հաւաքականը, որուն մաս կը կազմեն Պշարա Հաժ, Ահմետ Մաշմուշի եւ Ռուբէն Թենքերեան, շահեցաւ երրորդ պատուաւոր դիրքը:

Նշենք, որ Լիբանանի հեծելարշաւի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ժան Զուղէյպ, ինչպէս նաեւ հաւաքականի թեքնիք պատասխանատու Պասել Ռապապ:

Ոսկի մետալ շահած էին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, մինչ Սուրիա շահած էր արծաթէ մետալ:

 

 

Leave a Comment