Ըմբշամարտ. Եուրիկ Մխիթարեան Եւ Էրիկ Տէր Մաթեւոսեան Շահեցան Ոսկի Մետալներ. Խաթիպ Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ – Aztag Daily

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի անուան ըմբշամարտի միջազգային բաժակի մրցաշարք տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ Թուլա շրջանին մէջ:

Մրցաշարքին մասնակցեցան 121 բանակային մարզիկներ 14 երկիրներէ` Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Իրանէն, Լիբանանէն, Պիելոռուսիայէն, Հիւսիսային Քորէայէն, Մոնկոլիայէն, Ալճերիայէն, Պրազիէն, Սուրիայէն, Նիկերէն, Յորդանանէն, Թունուզէն եւ Սրի Լանքայէն:

Տեղի ունեցան ազատ ոճի եւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցաշարքեր` ողիմպիականի կշիռի կարգերով:

Հայաստան երկու ոսկի մետալ նուաճեց, երկուքն ալ` յունահռոմէական ըմբշամարտին մէջ:

18 տարեկան Եուրիկ Մխիթարեան մինչեւ 67 քկ կշիռի մրցումներուն կրցաւ առաջին դիրքը գրաւել` յաղթելէ ետք ալճերիացի Ֆայսալ Պենֆրեճին:

20 տարեկան Էթիկ Տէր Մաթեւոսեան աւարտականին յաղթեց Պիելոռուսիոյ ներկայացուցիչ Կլեպ Նալիվքային` մինչեւ 97 քկ կշիռի կարգի մրցումներուն:

Ազատ ոճի 97 քկ կշիռի կարգի պրոնզէ մետալակիր դարձաւ լիբանանեան բանակի անդամ Իպրահիմ Մազհար Խաթիպ:

Պէտք է նշել, որ Ռուսիա կրցած էր ընդհանուր խմբային հաշիւներով 15 մետալներ նուաճել:

Leave a Comment