Դեսպան Պաղտասարեան Ընդունեց «Գարակէօզեան» Հիմնադրամի Ղեկավար Կազմը – Aztag Daily

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան Հայաստանի դեսպանատան մէջ ընդունեց «Գարակէօզեան» հիմնադրամի ղեկավար կազմը` գլխաւոր գրասենեակի գործադիր տնօրէն Իրինա Լազարեանը, Լիբանանի գծով տնօրէն Սերոբ Օհանեանը եւ համայնքային զարգացման բաժինի համակարգող Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեանը:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ հիմնադրամի գործունէութիւնն ու համագործակցութեան հաւանական ուղղութիւնները:

Դեսպանը բարձր գնահատեց համայնքներու ծառայելու հարցին մէջ հիմնադրամին ցուցաբերած նուիրումը եւ վերահաստատեց դեսպանատան պատրաստակամութիւնը` աջակցելու տեղական կարիքներու արձագանգող կապերու հաստատման եւ նախաձեռնութիւններու իրականացման:

 

 

Leave a Comment