Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը Ռաժժիի Յանձնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութիւնը Երկարաձգելու Դիմում Մը – Aztag Daily

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի ընդունեց երեսփոխանական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Մըլհեմ Խալաֆ, Նաժաթ Սալիպա-Աուն, Ատնան Թրապուլսի, Իպրահիմ Մնէյմնէ եւ Հայտար Նասեր:

Պատուիրակութիւնը Ռաժժիի յանձնեց 86 երեսփոխաններու կողմէ ստորագրուած դիմում մը, որ կոչ կ՛ուղղէ` վերատեսութեան ենթարկելու հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան վերջ տալու թիւ 2790 որոշումը, որովհետեւ իսրայէլեան բռնագրաւումի շարունակման պայմաններուն մէջ անկարելի է զայն գործադրել:

Ռաժժի իր կարգին պատուիրակութեան ներկայացուց արտաքին գործոց նախարարութեան` ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը երկարաձգելու եւ անոր այլընտրանքային ձեւաչափ գտնելու դիւանագիտական ջանքերը:

Leave a Comment