Եթէ Մանչեսթըր Սիթի Պատժուի, Հաալանտ Պիտի Լքէ Ակումբը – Aztag Daily

Նիւթական կանոններու խախտման պատճառով եթէ Մանչեսթըր Սիթին աւելի ցած դասակարգ փոխանցեն, ակումբի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ իր ասպարէզը պիտի շարունակէ Սպանիոյ մէջ` նախապատուութիւնը տալով Պարսելոնային:

Ըստ «Ֆութպոլ Ինսայտըր»-ի, նման բեմագրութեան մը զարգացման պարագային, նորվեկիացի յառաջապահը կը մերժէ միանալ Արսենալին:

26 տարեկան յառաջապահին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին ուշի ուշով կը հետեւի նաեւ Ռէալ Մատրիտ:

Հաալանտի համար սպանական երկու «հսկայ»-ներն ալ կարեւոր են, եւ անոր ասպարէզի այս ժամանակաշրջանին «Լա լիկա»-ի մէջ իր ուժերը փորձելու առիթ կրնայ ստեղծուիլ:

Կը հաղորդուի, որ Հաալանտ արդէն քանի մը տարիէ ի վեր Քաթալոնիոյ ակումբի փոխանցումներու գլխաւոր նպատակներէն մէկն է:

Պարսելոնա պատրաստ է անմիջապէս պայքար սկսելու յառաջապահին համար, հազիւ անոր խումբը փոխելու ազդակներ ստանայ:

Նշենք, որ Հաալանտ 2022-ի ամրան միացած էր Սիթիին` լքելէ ետք Տորթմունտը: Անոր այժմու պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2034-ի ամառ, իսկ անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 220 միլիոն եւրոյով:

Leave a Comment