Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ – Aztag Daily

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց, որ 7 հոկտեմբերի յիշատակի նշման նախօրեակին հրամայած է իսրայէլեան բանակի մարտական պատրաստուածութիւնը բարձրացնել առաւելագոյն մակարդակի:

Քացի գրասենեակը նշեց, որ պաշտպանութեան նախարարը բանակին յանձնարարած է մարտական պատրաստուածութեան մակարդակը բարձրացնել եւ Կազայի մէջ տարբեր կարելիութիւններուն պատրաստուիլ:

«Համասի 7 հոկտեմբերի յիշատակին Կազայի մէջ մեր ուժերուն վրայ յարձակումներ շղթայազերծելու մտադրութեան մասին տեղեկութիւններ ստացանք», ըսաւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը:

«Եթէ Համաս վաղը Կազայի մէջ իսրայէլացի զինուորներ թիրախաւորէ, անսահման կերպով պիտի հակադարձենք», զգուշացուց Քաց:

 

 

Leave a Comment