Պաշտօնանկութիւն Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Մէջ` Սիւնիքի Մէջ Ազրպէյճանցի Զինուորի Ներթափանցումէն Ետք – Aztag Daily

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով գնդապետ-զօրավար Դաւիթ Սանամեան ազատ կացուցուած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի տեղակալի պաշտօնէն: Սանամեանի հիմնական պատասխանատուութեան ուղղութիւնը Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան Սահմանապահ զօրքերու համակարգումն ու վերահսկողութիւնն էր:

Անոր պաշտօնանկութիւնը կը յաջորդէ անցեալ շաբաթ Սիւնիքի մարզ ազրպէյճանցի զինուորի ներթափանցման:

Ազրպէյճանցի զինուորը ներթափանցած էր Սիւնիքի մարզի Շաքի գիւղի տուներէն մէկը, կրակած էր տանտիրուհիին վրայ: Դէպքը տեղի ունեցած էր կնոջ երկու երեխաներուն ներկայութեան:

Ազրպէյճանցի զինուորի կրակոցէն տուժած կնոջ քոյրը` Արփի Աւետիսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին պատմած էր, որ զինուորը պատանդ վերցուցած էր երեխաները, իսկ մայրը զանոնք պաշտպանելու ընթացքին կորսնցուցած է ձախ ձեռքի 3 մատները:

Նասիմի Մուսայեւ անցեալ ուրբաթ օր ձերբակալուեցաւ սահմանը ապօրինի հատելու, զէնքի մաքսանենգութեան, զէնքի գործադրումով առողջութեան ծանր վնաս հասցնելու, հրազէնի ապօրինի շրջանառութեան եւ բնակարանի անձեռնմխելիութիւնը խախտելու յօդուածներով:

Leave a Comment