Քոպախիծէ. «Չենք Կարծեր, Որ ԹՐԻՓՓ-ը Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանէն Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար» – Aztag Daily

Չենք կարծեր, որ ԹՐԻՓՓ-ը կրնայ էական խնդիրներ ստեղծել Վրաստանէն անցնող աւանդական երթուղիներուն համար: Այս մասին յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ:

«Չենք կարծեր, որ ԹՐԻՓՓ երթուղին կամ որեւէ այլ երթուղի կրնայ էական խնդիր ստեղծել Վրաստանէն անցնող աւանդական երթուղիներու համար: Ասիկա կը վերաբերի նաեւ Անակլիային», նշած է Քոպախիծէ:

Անոր համաձայն, Միջին միջանցքով բեռնափոխադրումներու ծաւալը 2020 թուականէն ի վեր աճած է եօթը անգամով, որուն հետեւանքով յառաջացած է նոր ենթակառոյցներու եւ երթուղիներու բազմազանացման անհրաժեշտութիւն:

«Միջին միջանցքով բեռնափոխադրումներու ծաւալը զգալիօրէն աճած է, այնքան, որ առարկայական անհրաժեշտութիւն յառաջացած է բազմազանեցնելու երթուղիները: Մենք չենք կարծեր, որ ԹՐԻՓՓ երթուղի կամ որեւէ այլ երթուղի կրնայ էական խնդիրներ ստեղծել Վրաստանէն անցնող աւանդական երթուղիներուն համար»:

Անդրադառնալով Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն` Քոպախիծէ յայտարարած է. «Մենք թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններ ունինք»:

«Երկու պետութիւններուն հետ ալ անհրաժեշտ է իրականացնել սահմաններու սահմանազատում-սահմանագծում, եւ այս ուղղութեամբ աշխատանքը հետագային եւս պիտի շարունակուի` բարեկամական մթնոլորտի մէջ», նշած է Վրաստանի վարչապետը:

 

 

Leave a Comment