Ասիական Խաղեր. Շայէպ Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ – Aztag Daily

2026-ի Ասիոյ խաղերը, որոնք տեղի ունեցան Նակոյայի մէջ, վերջ գտան երէկ:

Ասիոյ 20-րդ խաղերուն մասնակցեցան 45 երկիրներ, որոնց կարգին` Լիբանան:

Խաղերուն առաջին շաբթուան մրցումներուն Լիբանան կրցած էր թեքպոլի (փինկ փոնկի սեղանի վրայ ֆութպոլ) խաղին երկու մետալներ շահիլ, իսկ վերջին օրերուն ալ ճիւտոյի մրցումներուն Աքուիլինա Շայէպ կրցած էր պրոնզ մետալ շահիլ:

Ահմետ Քասեմ Արապի եւ Մոհամետ Հաֆեզ զոյգը կրցած էր զոյգ տղոց արծաթ մետալը ձեռք ձգել, մինչ զոյգ աղջկանց թեքպոլի պրոնզէ մետալը շահեցաւ Քամար Տանտալ եւ Մարիա Շտիտ զոյգը:

Ճիւտոյի աղջկանց 78 քկ կշիռի մրցումներուն Աքուիլինա Շայէպ շարունակեց իր փայլուն ելոյթները պրոնզէ մետալ շահելով: Շայէպ անցեալ յունիսին ալ ոսկի մետալ շահած էր Էսթոնիոյ Եւրոպայի բաց մրցաշարքին` աւելի ուշ Փրակայի (Չեխիա) մէջ պրոնզ մետալ մըն ալ շահելով:

Շայէպի նպատակն է մասնակցիլ 2028-ի Ողիմպիականին` Լոս Անճելըսի մէջ, եւ մետալներու հարթակ բարձրանալ:

 

 

Leave a Comment