Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք, Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ» – Aztag Daily

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ Իրանի մէջ առաքելութիւնը մէկ օրուան մէջ աւարտած են, սակայն այդտեղ աւելի երկար ժամանակ մնացած են, որպէսզի իրենց յաղթանակը կարճատեւ չըլլայ:

Թրամփ վստահեցուց, որ Իրան երբեք հիւլէական զէնք պիտի չունենայ, եւ այլեւս նախապէս եղած վիճակին մէջ չէ եւ այժմ կ՛ուզէ համաձայնութիւն գոյացնել:

Թրամփ ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահները պէտք էր շատոնց այս թղթածրարով զբաղէին:

Աղբիւր մը իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ իրականութեան չի համապատասխաներ «Պլումպըրկ»-ի այն պնդումը, թէ Իրան միջնորդներու ճամբով բանակցութիւններու ընթացքին ամերիկեան կողմին հիւլէական թղթածրարին վերաբերեալ առաջարկ մը ներկայացուցած է:

Նշենք, որ «Պլումպըրկ»` վկայակոչելով երկու աղբիւրներ, հաղորդած էր, որ Իրան առաջարկած է պատժամիջոցներու մեղմացման դիմաց Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան քննիչներուն իր հիւլէական կառոյցները խուզարկել արտօնել:

 

Leave a Comment