Սպանիա Կը Շարունակէ Նպաստել Միջազգային Ֆութպոլի Զարգացման` Շահելով Աղջկանց Երիտասարդներու Մոնտիալը – Aztag Daily

Վերջերս սպանական ֆութպոլը հսկայ յառաջդիմութիւն արձանագրած է տղոց, թէ աղջկանց գծով եւ երիտասարդներու աղջկանց Մոնտիալն ալ աւելցուց իր տիտղոսներուն:

Արդարեւ, Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած մինչեւ 20 տարեկաններու Մոնտիալի աւարտականին, Սպանիա պէտք ունեցաւ վճռական փենալթիներու` պարտութեան մատնելու համար վերջին տիտղոսակիր հիւսիսային Քորէան:

Սպանացի բերդապահ Լայա Լոփես երկու փենալթիներ զսպեց, եւ Սպանիա 4-3 արդիւնքով յաղթեց Քորէային:

Ճերմակ հաւասարութեամբ վերջ գտած եւ Վուճ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էր ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիանի Ինֆանթինօ, որ ականատես եղաւ Լոփեսի զսպած փենալթիներուն, զորս հարուածեցին Չոէ Ճոն-Ա եւ Փարք Լի-Սիմ:

«Կարծեմ մեր կեանքի ամէնէն ուրախ օրն է: Մենք պատանեկան մեր օրերէն կ՛երազէինք հոս հասնիլ եւ տիտղոսը շահիլ», ըսաւ Սպանիոյ յետսապահ Սիլվիա Քրիսթոպալ:

Սպանիոյ մեծ աղջկանց եւ տղոց ազգային խումբերը Մոնտիալի տիտղոսակիրներն են: 2022-էն ետք երկրորդ տիտղոսն էր Սպանիոյ երիտասարդներուն:

Հակառակ փենալթիներով պարտուելուն, հիւսիսային Քորէա դարձաւ առաջին հաւաքականը, որ առանց կոլ ստանալու աւարտեց Մոնտիալը:

 

Leave a Comment