Ճատրակ. Հայաստանի Տղոց Եւ Աղջկանց Հաւաքականները Առանձին Ենթախումբերու Մէջ Մետալներ Շահեցան – Aztag Daily

Ճատրակի համաշխարհային  Օլիմփիատան վերջ գտնելէ ետք, Սամարղանտի մէջ տեղի ունեցաւ 46-րդ Օլիմփիատայի փակման հանդիսութիւնը:

Տղոց եւ աղջկանց հաւաքականները գրաւած էին 6-րդ դիրքերը, իսկ Ա. խումբի յատուկ հաշուարկներով` երրորդ դիրքը` նուաճելով պրոնզէ մետալներ:

Շանթ Սարգսեան

Հայաստանի տղոց հաւաքականը ներկայացուցած էին վարպետներ Հայկ Մարտիրոսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Շանթ Սարգսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան: Հաւաքականի մարզիչն էր Արման Փաշիկեան:

Աղջկանց հաւաքականը ներկայացուցած էին Լիլիթ Մկրտչեան, Մարիամ Մկրտչեան, Էլինա Դանիէլեան, Սուսաննա Գաբոյեան եւ Անահիտ Մկրտչեան: Աղջկանց մարզիչն էր Զաւէն Անդրէասեան:

Օլիմփիատայի 204 հաւաքականներու ախոյեան դարձան հիւրընկալ երկրի` Ուզպեքիստանի տղաքը, մինչ աղջկանց 187 հաւաքականներու ախոյեան դարձաւ Չինաստան:

Հայ վարպետներ արժանացան նաեւ անհատական մետալներու: Մարիամ Մկրտչեան 11 կարելի կէտերէն վաստկեցաւ 9 կէտ եւ 2-րդ դիրքը գրաւելով նուաճեց արծաթէ մետալ: Շանթ Սարգսեան 11 կարելի կէտերէն 8 կէտ վաստկեցաւ եւ 3-րդ դիրքը գրաւելով նուաճեց պրոնզէ մետալ:

Leave a Comment