Ուասլ 2026. Ռիատի Հասաւ Կիսաւարտական – Aztag Daily

Քարիմ Զէյնուն եւ Տոնավըն Ուիլիամս օգնեցին Ռիատիի, որ յաղթէ Քուէյթի Քուէյթ ակումբին (83-82)` մնալով անյաղթ Ուասլի «Ֆայնըլ 8»-ին:

Զէյնուն, որ մասնագէտ է, կարեւոր պահերուն  ընդմիջումներ կատարելով կրցաւ շատ կարեւոր սթիլ մը կատարել գնդակին տիրանալով եւ Կրենթի փոխանցումը ընդմիջելով Օնուաքոփ հասնելէն, եւ իր կարգին փոխանցեց Ուիլիամսին, որ ֆաուլի ենթարկուեցաւ: 5.2 երկվայրկեան կար, երբ Զէյնուն սթիլ կատարեց, եւ 0.02 երկվայրկեան կար, երբ Ուիլիամս ֆաուլի ենթարկուեցաւ:

Ուիլիամս 1 կողովը նշանակեց եւ Ռիատի յաղթեց մէկ կէտի առաւելութեամբ, իսկ Քուէյթ մանաւանդ, որ թայմ աութ չունէր, այլեւս չկրցաւ մրցումը սկսիլ նոր մարտահրաւէրով:

Այս յաղթանակով Ռիատի առաջին դիրքը ապահովեց եւ հասաւ կիսաւարտական, մանաւանդ որ Ինտիըն Ուէյլուէյզի եւ Քուէյթի վրայ առաւելութիւն ունի, մինչ Իթթիհատ Ժետտա իր երկու մրցումներն ալ պարտուած է:

Ռիատի կիսաւարտական հասաւ յաղթելէ ետք խումբի մը, որ 2023-ի Ուասլի կիսաւարտականին յաղթած էր: Այդ տարին Քուէյթի ակումբը արծաթ մետալ շահած էր:

Ուիլիամս 36 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ռիատիի, որ մարզիկներու պակաս ունեցաւ: Նիք Ուեսթ կանուխ ֆաուլեր կատարելով դժուարութիւն ունեցաւ մասնակցելու, մինչ Զաք Լոֆթըն վիրաւոր էր եւ շատ չմասնակցեցաւ:

Աւելի՛ն. անոնք պէտք էր առանց մարզիչ Ահմետ Ֆարրանի շարունակէին մրցումը, մանաւանդ երբ Ֆարրան Բ. մասի 8-րդ վայրկեանին վտարուեցաւ դաշտէն` Քուէյթի մէկ անօրէն կողովին դէմ բողոքելուն պատճառով:

Հայկ Կէօքճեան (18 կէտ եւ 12 ռիպաունտ), Ամիր Սէուտ (12 կէտ, 3 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ) շատ լաւ ելոյթ ունեցան:

«Այս մրցումը մեզի շատ կեդրոնացումի դաս սորվեցուց: Շատ դանդաղ սկսանք մրցումը, եւ պէտք է ուշադիր ըլլանք յաջորդին այս մէկը չկրկնելու համար», ըսաւ Քարիմ Զէյնուն, որ 5 կէտ, 3 ռիպաունտ, 3 էսիսթ, 2 սթիլ եւ 1 պլոք կատարեց: Ռիատի, որ 11-4 արդիւնքով ետ կը մնար մրցումին սկիզբը, այսօր պիտի մրցի Իթթիհատի դէմ, ժամը 20:45-ին:

Հնդկական Ինտիըն Ռէյլուէյզ խումբը 93-85 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սէուտական Արաբիոյ Իթթիհատ Ժետտան:

Քլէանթոնի Ըրլի (26 կէտ) եւ Թիմ Տալկեր (23 կէտ) եղան հնդկական խումբին աստղերը, մինչ Խալետ Ապտել Կապպար 22 կէտ նշանակեց ի նպաստ Իթթիհատի:

Leave a Comment