«Էն.Պի.Էյ.» Վեթերան Քայրի Կը Վերադառնայ – Aztag Daily

Տալաս Մեւրիքսի վեթերան աստղ Քայրի Ըրվինկ անցեալ շաբաթավերջին յայտնեց, որ ֆիզիքական առումով շատ լաւ կը զգայ եւ պիտի վերադառնայ 19 ամիս հեռու մնալէ ետք` ծունկի ետեւի կապաններու վիրաբուժութեան («Էյ.Սի. Էլ.») պատճառով:

«Պատրաստ եմ յաղթանակներ կերտելու: Գիտեմ, որ շատ մարդիկ կը կասկածին, թէ ո՛ւր պիտի ըլլամ այս տարի, բայց ասիկա կ՛ուզեմ ըսել, որ ախոյեանի ինքնավստահութիւն ունիմ: Անհամբեր կը սպասեմ կապելու մարզական կօշիկի կապերս` դաշտ ներկայանալու համար խմբակիցներուս հետ եւ ցոյց տալու համար, թէ ինչ կրնամ ընել: Հեծանիւ վարելու նման դիւրին է» ըսաւ 34 տարեկան Ըրվինկ:

Ըրվինկ յայտնեց, որ 19 ամիսները իրեն պարտադրեցին կեանքը այլ ձեւով տեսնել: «Թէ ո՞ւր կ՛ուզեմ ըլլալ իբր մարզիկ եւ կարեւորագոյնը` իբրեւ մարդ: Ինչպէ՞ս մարդիկ ինծի կը նային իբրեւ առաջնորդ. աւելի զգայուն: 34 տարեկան ըլլալով իմ 16-րդ տարեշրջանս պիտի ըլլայ: Բայց նոյնիսկ բոլոր վերիվայրումներով հանդերձ, իմ պայքարելու ոգիս եւ դաշտին վրայ դնելիք ճիգս բնաւ կասկածի առարկայ պէտք չէ ըլլան», աւելցուց Ըրվինկ:

Տալաս անցեալ եղանակին ունեցած էր 26-56 արդիւնքով բաւական ձախող տարեշրջան մը,   որ վերջին 8 տարիներու ամէնէն վատն էր:

Խումբը այժմ նոր նախագահ ունի` Մասայ Ուժերի, անցեալ մայիսէն ի վեր, եւ նոր մարզիչ` Սասթի Մէյ, որ փոխարինեց Ճէյսըն Քիտը:

Մէյ, որ Միշիկընի հետ «Էն. Սի. Էյ.Էյ.»-ի (Համալսարաններու) ախոյեան դարձած էր, դարձաւ առաջին մարզիչը, որ համալսարաններէ ուղղակի «Էն.Պի. Էյ.»-ի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին հասած էր:

Վերջին անգամ Ճոն Պէյլին Միշիկընէն միացած էր Քլիվլենտ Քեվելիրզին (2019-ին):

Քայրի վերջապէս առիթ պիտի ունենայ խաղալու Քուփըր Ֆլեկի կողքին, որ անցեալ տարուան լաւագոյն նորեկ մարզիկը (ռուքի) ընտրուած էր:

«Անհամբեր կը սպասեմ իրեն հետ աճելու: Բարձր մակարդակի մարզիկներ, հոգ չէ տարիքը… երբ միասին դաշտ կը ներկայանանք, շատ մրցումներ շահելու պատրաստ կ՛ըլլանք» ըսաւ Ըրվինկ:

«Երբ այսպիսի մէկը կողքիդ ունենաս միշտ, աներեւակայելի բան մըն է», ըսաւ Ֆլեկ: Ամրան մեր փորձերուն բաւական մօտեցանք իրար: Անհամբեր կը սպասեմ, եւ հաճելի պիտի ըլլայ դաշտ ներկայանալը անոր հետ»:

Քայրի Ըրվինկ, որ 2016-ին «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան դարձած էր Քլիվլենտ Քեվելերզի հետ, կը նկատուի «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն մարզիկներէն, որ գնդակին կրնայ տիրապետել:

 

Leave a Comment