Կիւլեր. «Յոյս Ունինք, Որ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Խաղաղութեան Պիտի Հասնին» – Aztag Daily

Յոյս ունինք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Ազրպէյճանը պիտի հասնին խաղաղութեան: «Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր` մասնակցելով «Թուրքիա-Ազրպէյճան բարեկամութեան եւ համագործակցութեան հիմնադրամ»-ին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին:

Կիւլեր նշած է, որ երկու երկիրներու ռազմավարական համագործակցութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ կը զարգանայ:

Անդրադառնալով Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան հոլովոյթին` Կիւլեր նշած է, որ գոհունակութեամբ կ՛ընդունի անցեալ տարի Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած նախաստորագրումը եւ վերջերս խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ ձեռնարկուած դրական քայլերը:

«Յոյս ունինք, որ վայրկեան առաջ պիտի հաստատուի համապարփակ ու մնայուն խաղաղութիւն: Կ՛աջակցինք գործընթացը այնպիսի մօտեցումով աւարտին հասցնելու ջանքերուն, որ պիտի ամրապնդէ կայուն շրջանային խաղաղութիւնը եւ պիտի նպաստէ ամբողջ շրջանի ժողովուրդներու խաղաղութեան ու բարօրութեան», նշած է Կիւլեր:

Ըստ անոր, Կովկասը ոչ թէ հակամարտութիւններու, այլ համագործակցութեան, զարգացման ու բարօրութեան կարիք ունի, եւ հաւատացած է, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ամուր համերաշխութիւնը եւս այդ նոր շրջանի կարեւորագոյն երաշխիքներէն մէկն է:

 

Leave a Comment