Ճատրակ. Հայաստանի Հաւաքականները Յաջողութեամբ Կը Շարունակեն Իրենց Ելոյթները – Aztag Daily

Ճատրակի 46-րդ Օլիմփիատայի մրցումները կը շարունակուին Ուզպեքիստանի Սամարշանտ քաղաքին մէջ:

8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, տղոց հաւաքականը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն պարտադրեց Նետերլանտներու հաւաքականին:

Շանթ Սարգսեան սեւ խաղաքարերով կրցաւ յաղթել իրմէ աւելի լաւ դասուած Լիւք Վան Վէլիին:

Հայկ Մարտիրոսեան հաւասարութիւն արձանագրեց Անիշ Կիրիի հետ, մինչ Մանուէլ Պետրոսեան հաւասարութիւն արձանագրեց Էրուին Լամի հետ: Ռոպերթ Յովհաննիսեան պարտութիւն կրեց Եորտըն Վան Ֆորեսթէն: Պէտք է ըսել, որ Նետերլանտներու բոլոր ներկայացուցիչներն ալ աւելի բարձր դասուած էին մեր հաւաքականէն, որ խմբային դասաւորումին մէջ 10-րդ դասուած է, մինչ մրցակից Նետերլանտներ` 6-րդ:

Թիւ 1 դասուած Միացեալ Նահանգներ, որուն մաս կը կազմէ Լեւոն Արոնեան, 3,5-0,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սերպիան:

Հայաստանի տղոց հաւաքականը 13 կէտեր ունի կարելի 6 կէտերէն եւ միայն 1 կէտով ետ կը մնայ Ուզպեքիստանէն եւ Գերմանիայէն:

Չնչին տարեբերութեամբ, Չինաստան, Նետերլանտներ, Ազրպէյճան, Միացեալ Նահանգներ, Հնդկաստան եւ Ֆրանսա կը գրաւեն 3-րդէն 8-րդ դիրքը, մինչ Հայաստան կը գրաւէ 9-րդ դիրքը:

Այսօր Հայաստան պիտի մրցի Ազրպէյճանի դէմ:

Աղջկանց հաւաքականը 2,5-1,5 արդիւնքով շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Միացեալ Նահանգներու դէմ:

Հայաստանի միակ յաղթանակը արձանագրեց Էլինա Դանիէլեան, որ յաղթեց Իրինա Քրուշին, մինչ Լիլիթ Մկրտչեան, Մարիամ Մկրտչեան եւ Սուսաննա Գաբոյեան հաւասրութիւններ արձանագրեցին Քարիսա Եիփի, Ալիս Լիի եւ Տաթեւ Աբրահամեանի հետ:

Հետաքրքրական է, որ Միացեալ Նահանգներու հայ մարզիկին կողքին աղջկանց հաւաքականի մարզիչն ալ հայ է` Մելիքսէթ Խաչիեան:

Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը, որ 16-րդ դասուած է, այժմ կը գրաւէ 3-րդ դիրքը` 1 կէտով ետ մնալով Չինաստանէն (15 կէտ):

Ղազախստան Բ. դիրքը կը գրաւէ Հայաստանի նման 14 կէտերով, մինչ Մոնկոլիա կը գրաւէ 4-րդ դիրքը` նոյն կէտերով: Թիւ 1 դասուած Հնդկաստան 13 կէտերով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը:

9-րդ հանգրուանին Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը պիտի մրցի առաջին դիրքը գրաւող Չինաստանի դէմ, որ 4-րդ դասուած է: Հայաստան 16-րդ դասուած է:

 

 

Leave a Comment