Ճատրակ. Ռոպերթ Յովհաննիսեան Յաղթեց Ուեզլի Սոյին Եւ Հայաստան Հաւասարեցաւ Միացեալ Նահանգներու Հետ. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը Յաղթեց Ազրպէյճանին – Aztag Daily

Ճատրակի 46-րդ Օլիմփիատայի 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, տղոց հաւաքականը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն խլեց Միացեալ Նահանգներէն:

Վճռորոշ եղաւ Ռոպերթ Յովհաննիսեանի յաղթանակը սեւ խաղաքարերով` աշխարհի թիւ 5 մարզիկ Ուեզլի Սոյի դէմ:

Հանդիպումը Հայաստանի հաւաքականին համար բաւական դժուար եղաւ: Հայկ Մարտիրոսեան եւ Շանթ Սարգսեան իրենց մրցումները հաւասարութեամբ աւարտեցին յաջորդաբար Ֆապիանօ Քարուանայի (թիւ 3) եւ Հանս Նիմանի (թիւ 21) դէմ:

Գաբրիէլ Սարգսեան պարտութիւն կրեց Էվոնտեր Լիանի դէմ մրցումին, բայց Ռոպերթ Յովհաննիսեան փրկեց կացութիւնը (1-0):

Եօթը հանգրուանէ ետք Հայաստան ունի 14 կարելի կէտերէն 12-ը եւ խմբային դասաւորման մէջ կը գրաւէ 3-րդ դիրքը:

Աղջկանց 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստան 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեց Ազրպէյճանին:

Լիլիթ Մկրտչեան եւ Էլինա Դանիէլեան իրենց մրցումները յաղթեցին, մինչ Մարիամ Մկրտչեան հաւասարութիւն արձանագրեց Կովհար Պէյտուլլայեւայի հետ:

Սուաննա Գաբոյեան պարտութիւն կրեց Կիւլնար Մամետովայէն: Հայաստան կարելի 14 կէտերէն ունի 12 կէտեր եւ աղջկանց ընդհանուր դասաւորման մէջ մնաց 7-րդ դիրքին վրայ:

 

 

 

Leave a Comment