ՀԲԸՄ Լիբանանի Ընտանիքը Ձեռնարկեց. Համաշխարհային Վազք` Յանուն «Նայիրի Ճամբար»-ին – Aztag Daily

Անցեալ կիրակի, առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի ընտանիքը անսաց միութեան համաշխարհային կոչին եւ իր բաժին ներդրումը ունեցաւ Հայաստանի մէջ արցախցի երեխաներուն անվճար ժամանց տրամադրող «Նայիրի ճամբար»-ին աջակցելու գործին մէջ: Հայաստանի եւ սփիւռքահայ համայնքներու նման լիբանանահայերը եւս իրենց նպաստը բերին` մասնակցելով «Համաշխարհային վազք` յանուն Նայիրի ճամբարին» խորագրեալ զուարճալի ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Մարինա Տըպպայէի մէջ:

Շուրջ 250 մասնակիցներ եկան իրենց երեխաներուն ընկերակցութեամբ եւ շուրջ երկու ժամ շարունակ ուրախ մթնոլորտ ստեղծեցին: Իրենց կարգին վազելու եկած էին ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային յանձնաժողովի անդամներ, Կրթական յանձնախումբէն, Կեդրոնական վարչութենէն, Տիկնանց համախումբի եւ ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու շրջանաւարտներու համախմբումի անդամներ:

Հինգ քիլոմեթր երկարող երթուղիի հիմնական նախապատրաստութիւնները արդէն իսկ կատարուած էին նախորդող շաբաթներուն` համագործակցելով Նագգաշի եւ Տըպպայէի քաղաքապետութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան բանակի, ներքին ապահովութեան ուժերու, քաղաքացիական անվտանգութեան ծառայութեան եւ Լիբանանի Կարմիր խաչին հետ, որոնք երաշխաւորեցին ձեռնարկին եւ մասնակիցներուն ապահովութիւնը:

Պէտք է նշել, որ «Նայիրի ճամբար»-ը Հանքաւանի մէջ 2021-ին Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան հիմնած անվճար հաւաքավայրն է, ուր երեխաներուն համար կը կազմակերպուին զուարճալի ժամանց եւ դասընթացքներ: 2020-ի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին փորձառութիւնը վերապրած երեխաներուն ապաքինումը խթանելու համար հիմնուած ճամբարը աւելի ուշ սկսած է նաեւ ամէնամսեայ երկօրեայ հաւաքներ առաջարկել երեխաներուն, ի տես Արցախի բռնի տեղահանումէն ետք Հայաստան ապաստանած քաղաքացիներու կարիքներու աճին:

 

Leave a Comment